iBet uBet web content aggregator. Adding the entire web to your favor.
iBet uBet web content aggregator. Adding the entire web to your favor.



Link to original content: https://hyw.wikipedia.org/wiki/Call_of_Duty
Call of Duty — Ուիքիփետիա Jump to content

Call of Duty

Գալլ օֆ Տիւթի

Call of Duty, Բ.Աշխարհամարտի նիւթով, Infinity Wardի կողմէ արտադրուած, Activisionի կողմէ ցրուուած, id Tech 3 շարժիչի վրայ հիմնադրուած առաջին դէմքով հրաձիգի տեսակով տեսագրութեան խաղ մըն է: Call Of Duty շարքին առաջին խաղը եղած է եւ հրապարակուած շրջանին մեծ հետաքրքրութեան արժանացած է: Խաղը Medal of Honor:Allied Assault՛ին արտադրիչներու կողմէ պատրաստուած եւ Medal of Honor շարքին մրցակից եղած է: 1.1, 1.2, 1.3, 1.4 եւ 1.5 կարկտանները ունի: Այս կարկտաններուն ամէնէն վերջինը՝ 1.5ը խաղին կառոյցը զարգացուած է եւ նոր խաղի քարտէսնէրը աւելցուած է: Call of Duty շարքին առաջին խաղը ըլլալուն համար Call of Duty:Classic ըլլալով ալ անուանուած է:[1]

12 Նոյեմբեր 2007 թուականէն ի վեր Call of Duty խաղալ ուզողնէրուն համար Steam առցանց խաղի խանութէն գնելու պայմանը դրուած է:[2]

ՆԻՒԹԸ Խաղը կը պատմէ, Բ.Աշխարհամարտին դիւցազներգական ռազմադաշտի պահերուն սաստկութիւնը սինեմաթիք կառոյցի մը մէջ, արդի պատմութիւնը ստեղծող դաշնակից երկիրներու շատ մը զինուորներուն եւ անանուն հերոսներուն աչքէն: Լաւ մարզուած խումբի մը անդամը ըլլալով, պաշտպանութեան կրակոցով եւ վիրաւորները ապահով տեղ մը կրելով պատերազմի միջավայրին քաոսը ճաշակելու հնարաւորութիւնը կը ներկայացնէ: Իւրայատուկ խումբի շարժումները եւ ռազմավարութիւններուն առընթեր իրաքանչիւր զինուորին պատերազմի վայրին մէջ մէջտեղ ելլող ինքնուրոյն նկարագիրները եւ մարզուածութիւնները աչքի առջեւը կը դնէ:[3]

Միայնակ Խաղացող(Singleplayer) Call of Duty միայնակ խաղացողի ձեւին տակ որոշ յատակագիծերու հետեւելով կը խաղացուի: Խաղացողը կ՛ունենայ առաքելութիւններ եւ նպատակներ: Այս առաքելութիւն եւ նպատակները լրացնելու համար պէտք է որ պայքարինք այդ ուղղութեամբ:Առաքելութենէ դուրս պետք չէ որ ելլենք, այլապէս կրնանք ձախողիլ:[4]

  • Շարքային Joe Martin.- Խաղին Ամերիկեան բաժիններուն մէջ կառավարած տիպարը:
  • Շարքային Evans.- Խաղին Անգլիացի բաժիններուն մէջ կարավարած տիպարը:
  • Հարիւրապետ Price.- CoDի համակիրներու մեծամասնութեան ամէնէն սիրած տիպարը: Call of Duty 2-ին մէջ ալ կը հանդիպինք: Modern Warfare բաժիններուն մէջ երեւցող John Priceին զաւակն է:
  • Քսանապետ Moody.- Իրեն Ամերիկեան բաժիններուն մէջ կը հանդիպինք եւ զինուորական ճամբարի մէջ մեզի հրահանգող տաղանդաւոր զինուորն է:
  • Հարիւրապետ Foley.- Price-ին չեղած բաժիններուն մեզ առաջնորդող զինուոր:
  • Հազարապետ Ingram.- Մէկ բաժնին մէջ մեր ազատած զինուորը: Call of Duty: United Offensive-ին մէջ կարեւորութիւն ունի:
  • Քսանապետ Waters.- Անգլիական բաժիններուն մեծամասնութեան մէջ կը գտնուի բայց մեզի շատ չ'օգներ:
  • Շարքային Elder.- Ամերիկացի զինուոր, որուն ապրիլը կամ մեռնիլը ձեզմէ կախեալ է:
  • Շարքային Mills.- Միայն մէկ բաժնին մէջ երեւցող Անգլիացի ճարտարագէտ:

Քոլ Աֆ Տիւթի առաջին անձի կրակող խաղեր ստեղծող միութիւն մըն է։ Ան իր աշխատանքը սկսաւ՝ նախ Մայքրոսոֆթի վրայ խաղեր շինելով, եւ ապա գանսըլներու վրայ։ Անոր առաջին խաղերը տեղի կ'ունենան Համաշխհարային Երկրորդ պատերազմին, որոնցմէ են՝ Call of Duty, Call of Duty 2, եւ Call of Duty 3։ Սկսեալ Call of Duty 4: Modern Warfare-էն, որ այդ ժամանակի պատմութեան վրայ հիմնուած էր, խաղերու շարքը հեռացած է Համաշխհարային Երկրորդ Պատերազմէն։ Modern Warfare, արձակուած Նոյեմբեր 2007-ին, յաջորդած է World at War եւ Modern Warfare 2-ի։ Black Ops, արձակուած Նոյեմբեր 2010-ին, տեղի կ'ունենայ Cold War-ի ժամանակ, մինչ Modern Warfare 3, արձակուած Նոյեմբեր 2011-ին, տեղի կ'ունենայ ապագային մէջ։ Black Ops II, արձակուած Նոյեմբեր 2012-ին, տեղի կ'ունենայ 2025-ին մէջ։ Call of Duty: Ghosts-ը արձակուած է Նոյեմբեր 2013-ին։ Մայիս 2014-ին, Advanced Warfare-ը յայտարարուեցաւ։ Ապրիլ 9 2015-ին, Դրէյարք(Treyarch) յայտարարեց Black Ops III-ին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Fertino Anthony (2024-05-17)։ «Call of Duty Black Ops 6 to Release October 25»։ Insider Gaming (en-US)։ արտագրուած է՝ 2024-05-18 
  2. Park Gene (October 28, 2023)։ «20 years in, Call of Duty is a cultural and financial titan»։ The Washington Post։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 28, 2023-ին։ արտագրուած է՝ May 11, 2024 
  3. Biggs Tim (2024-06-10)։ «Top-selling video games lead Xbox's annual refresh»։ The Sydney Morning Herald (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2024-06-12 
  4. «The future of Call of Duty and 'Warzone»։ The Washington Post։ June 8, 2022։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ June 8, 2022-ին։ արտագրուած է՝ July 1, 2024