iBet uBet web content aggregator. Adding the entire web to your favor.
iBet uBet web content aggregator. Adding the entire web to your favor.



Link to original content: https://hyw.wikipedia.org/wiki/Սիրոս_(կղզի)
Սիրոս (կղզի) — Ուիքիփետիա Jump to content

Սիրոս (կղզի)

Կղզի
Սիրոս
Երկիր  Յունաստան
Տարածութիւն 102,365 քմ²
ԲԾՄ 442 մեթր
Բնակչութիւն 21 507 մարդ
Կը գտնուի ափին Էգէական Ծով
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00

Սիրոս (յուն․՝ Σύρος, Syros, տարածուած է նաեւ Սիրա անունը), Էգէական Ծովուն Քիքլատես կղզեխումբին մէջտեղը գտնուող կղզի, Յունաստան։ Մաս կը կազմէ Յունաստանի Հարաւային Էգէականի Շրջանային Միաւորումին Περιφέρεια Νοτίου Αιγαίου իբրեւ առանձին Շրջանային նահանգ։ Մայրաքաղաքն է էրմուփոլի, որ նաեւ Յունաստանի Հարաւային Էգէականի Շրջանային Միաւորումին նստավայրն է։

էրմուփոլի․ նաւահանգիստին նաւակայքին մասը
Սիրոս Σύρος կղզիին դիրքը Քիքլատես (=շրջաբոլոր) կղզեխումբին մէջ․ կը գտնուի կեդրոնը։

Կղզին կը զարգանայ 1826-էն ետք, երբ հոն կը հաստատուին Փսարա, Հիոս, Կրետէ եւ Փոքր Ասիայէն գաղթականներ։ Եղած է Յունաստանի ծովային, ճարտարարուեստի եւ մշակոյթի կեդրոնը։

Հարաւային Էգէականի Շրջանային Միաւորումի քարտէսը
Էրմուփոլի եւ նաւահանգիստը․ դիտուած Անօ Սիրոսէն

Յունաստանի կեանքին մէջ, Ք․Ա․ 6-րդ դարէն իսկ, կարեւոր դեր ունեցած են ու մինչեւ այսօր կը շարունակեն ունենալ Սիրոս կղզին ծնած-մեծցած անձնաւորութիւններ՝ քաղաքական դէմքեր, գրագէտներ, բանաստեղծներ, գիտնականներ, համալսարանի դասախօսներ, բարձրաստիճան կաթոլիկ կամ ուղղափառ դաւանանքի կղերականներ, կրթական մշակներ, առեւտրականներ, բնաբաններ, ռազմական ծովուժի բարձրաստիճան զինուորականներ, թատերագիրներ, դերասաններ, փաստաբաններ, երգիչներ եւ յօրինողներ, գծագրիչներ եւ նկարիչներ, լրագրողներ եւ պատմաբաններ։

Սիրոսը արեւմուտքէն դիտուած․ դիմացը՝ Թինոս կղզին, իսկ մայրաքաղաք Էրմուփոլիսը կը գտնուի կղզիին արեւելեան ափերուն (նկարին մէջ յստակ կ' երեւի մայրաքաղաքը)
Վափորիա քարափ․ սեւեռելով Էգէական Ծովը

Սիրոս անունը յառաջացած է փիւնիկերէնի Սուր կամ Օսուրա բառէն, որ ժայռոտ կը նշանակէ։ Հոմերոս, Ոդիսական դիւցազներգութեան մէջ կղզին կ'անուանէ Սիրիի, իսկ ԺԷ. դարուն կ'անուանուի նաեւ իբրեւ Հռոմի Պապին կղզին՝ «L’isola del Papa»։

Նաւահանգիստին մուտքէն դիտուած․ երկու դէմ դիմաց բլուրներու վրայ կառուցուած Անօ Սիրոս (ձախին) եւ Էրմուփոլիս (աջին), միասին կը կազմեն Սիրոս-Էրմուփոլիս մայրաքաղաքը։ Վարը անկիւնը աջին՝ կը տեսնուի քաղաքապետարանին տպաւորիչ շէնքը:

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիրոս կղզին կը գտնուի Քիքլատես կղզեխումբին կեդրոնը։ Փիրէա եւ Ռաֆինա նաւահանգիստներէն հեռաւորութիւնն է յաջորդաբար՝ 83 եւ 62 ծովային մղոն։ Անոր տարածութիւնը 84, 069 քառ. քմ․ է։ Ըստ 2011-ի մարդահամարին, ունի 21, 390 բնակիչ։

Դրացի կղզիներն են՝ հիւսիսէն Անտրօ, հիւսիս-արեւելքէն Թինոս, արեւելքէն Միքոնոս եւ Տիլոս ու Ռինեա կղզեակները, հիւսիս-արեւմուտքէն Քէա եւ Եարոս, արեւմուտքէն Քիթնոս, հարաւ-արեւմուտքէն Սերիֆոս, հարաւէն Սիֆնոս, Անտիփարոս, Փարոս եւ Նաքսոս։

Կղզիին հիւսիսային կողմը (լեռնային շրջան) կը կոչուի Ափանօ Մերիա Απάνω Μεριά (=Վերին մաս)․ բնակչութիւնը շատ քիչ է։ Այս շրջանը քարքարոտ եւ ժայռոտ է, կան նաեւ քարայրներ եւ անոր հիւսիսային եւ հիւսիս արեւմտեան ափերը հասանելի են միայն նշանակուած արահետներուն միջոցով։ 

Հարաւային կողմը աւելի ցած ու դաշտային է։ Հոն կը գտնուին գիւղերուն, բնակավայրերուն եւ ծանօթ ծովափներու մեծամասնութիւնը․ զբօսաշրջիկութիւնը զարգացած է ու ճամբաներու ցանցը գոհացուցիչ է։

Սիրոսի մայրաքաղաքը՝ Էրմուփոլիս, կը գտնուի կղզիին արեւելեան մասին մէջ։

Կղզին ունի բազմաթիւ բնակավայրեր, որոնցմէ ամէնէն յատկանշականը եւ բազմամարդը՝ Անօ Սիրոս վենետիկեան բնակավայրն է։ Կղզիին հիւսիսային կողմը կատարուած հնագիտական պեղումներէն յայտնուած են Քասթրի եւ Խալանտրիանի նախապատմական բնակավայրերը։

Գիւղերու եւ Բնակավայրերու ցանկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այիոս Տիմիթրիոս, Աղրոս, Ալիթինի, Ատիաթա, Ազոլիմնոս, Անօ Մանա, Անօ Սիրոս, Էփիսքոփիօ, Էրմուփոլի, Թալանտա, Մանա, Մեղաս Եալոս, Մեսարիա, Միթաքաս, Ղալիսաս, Սան Միխալիս, Վարի, Վիսաս, Տանիաքոս, Տելֆինի, Փաղոս, Փափուրի, Փարաքոփի, Փլաթի Վունի, Փոսիտոնիա եւ Քինի։

Ժայռակղզեակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կղզիին ափերէն ոչ շատ հեռու կը գտնուին բազմաթիւ ժայռակղզեակներ, որոնցմէ միայն մէկը ունի երկու բնակիչ։

Ժայռակղզեակներուն ցանկը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամպելոս, Ասփրօ, Նաթա, Տիափորաքի, Սթրոկիլօ Էրմուփոլիս, Սթրոկիլօ Փոսիտոնիա, Սխինոնիսի, Տիտիմի, Վարվարուսա, Փսաթոնիսի, Փսահնօ, Քուցուլիա եւ Քիլիսթրաքիա։

Պատմական անդրադարձ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախապատմական շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կանացի դէմք․ գտնուած՝ Խալանտրիանի մէջ, Լուվր

Խալանտրիանի եւ Քասթրի շրջաններուն մէջ (Սիրոսին հիւսիս արեւելեան մաս) հնագիտական պեղումները ցոյց կու տան, թէ Սիրոս բնակուած է նախապատմական ժամանակաշրջաններէն, Ք․Ա․ 3-րդ հազարամեակին: Գտնուած են 600-է աւելի գերեզմաններ, ամրացուած բնակավայր մը՝ քաղքենի եւ առեւտրական գործունէութեամբ։

Տապկոց (Ք․Ա․ 2800-2300), Սիրոս, Խալանտրիանի

Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակին ընթացքին, կղզին կ'անցնի յաջորդաբար Մինոասեան եւ Միկինէական Քաղաքակրթութիւններուն իշխանութեան ձեռքը, իսկ Ք․Ա․ 1-ին հազարամեակին՝ Յոնիացիներուն* Ίωνες -The Ionians։

  • Յոնիա Ιωνία․ Հին Յունաստանի քաղաք-պետութիւններուն կողմէ հիմնուած արեւմտեան Փոքր Ասիոյ մէջ գաղթօճախներու շրջան, բնակիչները կը կոչուին Յոնիացի/ներ։ Չշփոթել Յունաստանի արեւմտեան կողմը գտնուող Յոնիական Ծովուն եւ անոր՝ Յոնիական կղզիներուն հետ։

Ք․Ա․ 7-րդ դարու բնակավայրեր յայտնուած են Ղալիսայի եւ էրմուփոլիի արեւմուտքը։ 

Ք․Ա․ 6-րդ դարուն Սիրոս կղզին Սամոսի* բնակիչները կը գրաւեն։ Կղզիին տարբեր վայրերու մէջ գտնուած են Ք․Ա․ 6-րդ եւ 3-րդ դարերու բնակավայրեր։

  • ՍամոսԷգէական Ծովուն արեւելեան կողմը գտնուող կղզի, շատ մօտիկ Թուրքիոյ արեւմտեան ափերուն (կը բաժնուի 1300 մ․ լայնք ունեցող ջրանցքով մը)։

Դասական եւ Հելլենիստական շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դասական շրջանին, Սիրոս մաս կը կազմէ Աթէնքի Դաշինքին իբրեւ ինքնավար պետութիւն․ կ'ունենայ իր խորհրդարանը, քաղաքապետութիւնը եւ արծաթեայ դրամը։ Սակայն կը ստիպուի Աթենացիներուն հպատակութեան տուրք վճարել։

Հերոնիոյ ճակատամարտէն Μάχη της Χαιρώνειας Battle of Chaeronea (Տե' ս Յունաստան#Յունապարսկական պատերազմներ ) ետք, կղզին մակեդոնացիներուն կը հպատակի։ Հելլենիստական շրջանին կղզին յաճախ ծովահէններու թիրախ կը դառնայ։

Հռոմէական եւ Բիւզանդական շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմէական շրջանին, (Ք․Ա․ 184 - 324) Սիրոս կը զարգանայ․ պղնձեայ դրամ կը գործածուի (Հելլենիստական շրջանէն), իսկ արծաթեայ՝ Ք․Ա․ 2-րդ դարէն։ 

Անօ Սիրոս

Ծովահէններու յաճախակի յարձակումներուն պատճառով, բնակիչներէն լուրջ թիւ մը կղզիէն կը հեռանայ։

Լատիններու իշխանութեան շրջանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաչակիրներու Դ․ արշաւանքէն ետք (1204), կղզին՝ ինչպէս Քիքլատեսի մնացեալ կղզիները, կը գտնուի Վենետիկցիներուն գերիշխանութեան տակ․ կ'իշխէ Մարքօ Սանուտօ գերդաստանը Marco Sanudo եւ կղզին մաս կը դառնայ Նաքսոս Կոմսութեան։

Այս շրջանին է, որ կը հիմնուի Անօ Սիրոս բնակավայրը, որուն բնակիչները Կաթոլիկ քրիստոնեայ կը դառնան, բայց կը պահպանեն յունարէն լեզուն։

Օսմանեան գերիշխանութեան շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1579-ին Խայր էլ տին Պարպարոսա կղզին կը գրաւէ Օսմանեան Կայսրութեան հաշւոյն։ Մուրատ Գ․ սուլթանը, Սիրոսցի ազնուականներուն հետ կը համաձայնի եւ կղզիին առանձնաշնորհումներ կը պարգեւէ՝ ցած տուրքեր, կրօնական ազատութիւն․ Ենիչերիներուն հոն հաստատուիլը կ'արգիլէ։

Կրօնական ազատութիւնը առիթ կու տայ, որպէսզի կղզին հաստատուին Քափուչին (1635) եւ Ժեզուիթ (1744) կրօնաւորներ։

ժանտախտի համաճարակին (1728) կը յաջորդէ զարգացման շրջան, որ իր գագաթնակէտին կը հասնի ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերուն ընթացքին։

1779-ին, Ապտուլ Համիտ Ա․ սուլթանը, կղզիին տեսչութիւնը կը յանձնէ իր ազգականին՝ Շահ Սուլթանուհիին։ Ան, իր կարգին, տեղացիներուն կ'ընծայէ «Համայնքի Ժողով»ը եւ կղզին կը կառավարուի անկէ յառաջացած գործակալներուն կողմէ։

1750 - 1820 Սիրոսի բնակչութեան թիւը կը կրկնապատկուի (2,000 հոգիէն՝ 4,000-ի)։ Բնակչութեան մեծ մասը կը բնակի Անօ Սիրոսի մէջ։ Ծովահէնութիւնը կը նուազի, նաւահանգիստը կը զարգանայ եւ բնակիչներէն շատեր կը սկսին զբաղիլ վաճառականութեամբ եւ նաւային գործերով։

Յունաստանի Ազատագրական Պայքարին ժամանակաշրջանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քաղաքապետարանի շէնքը (ճարտարապետ էրնըսդ Զիլլըր Ernst Ziller), Անտրէա Միաուլիսին արձանը (գործ՝ Ղիորղոս Պոնանոս) եւ համանուն հրապարակը

Յունաստանի Ազատագրական Պայքարին ընթացքին, 1822-ին Խիօ կղզիին քանդումը եւ յոյներուն դէմ հալածանքները՝ Սամոս, Զմիւռնիա, Քիտոնիէս (Այվալի), Ռոտոս, Փսարա եւ Քասօ, գաղթականութեան մեծ ալիք մը կը յառաջացնեն դէպի Սիրոս։

Էրմուփոլիին ստեղծումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1822-ի եւ 1865-ի միջեւ, Էրմուփոլին կը վերակառուցուի նոր դասական ոճով։

Բարեկեցիկ դասակարգը իր ապարանքի նմանող բնակարանները (αρχοντικό) նոր դասական ոճով կը կառուցէ։ Իսկ գաղթականները, որոնք իրենց կեցութիւնը կղզիին վրայ ժամանակաւոր կը նկատեն, կը մնան վրաններու եւ կամ փայտաշէն տնակներու մէջ եւ 1824-ին կը կառուցեն քարաշէն եկեղեցի մը՝ «Մեթամորֆոսի թու Սոթիրոս»։ Քանի մը տարուան ընթացքին տուները կը սկսին բարձրանալ դէպի Անօ Սիրոսի ստորոտը, ուր թաղամասեր կը կազմուին։ Նոր քաղաք մը կը հիմնուի։

Քաղաքապետարանին շէնքը, Ափոլլոն թատրոնը, գլխաւոր գրադարանը, Սիրոսի Հիւանդանոցը, Միաուլիս հրապարակը եւ բազմաթիւ այլ շէնքեր այդ շրջանին կը կառուցուին։

Էրմուփուլի քաղաքին զարգացումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սիրոս, Էրմուփոլի․ 1836-ի պատկերացում

Սիրոսի նաւահանգիստը այդ ժամանակաշրջանին Յունաստանի տարածքին գլխաւորներէն է։ 1828-ին բնակիչներուն թիւը 14,000-ը կ'անցնի եւ կը դառնայ ազատ Յունաստանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի կեդրոնը։ 1850-ին արդէն բնակչութեան թիւը 20,000-էն աւելի է, իսկ 1889-ին՝ 22,000։

Ճարտարարուեստի բնագաւառներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1860-ին Սիրոսի մէջ կը գործեն տասնեակէ աւելի կաշիի, երկաթի, օճառի, փայտաշինութեան եւ ներկարարութեան գործարաններ։ Նաեւ, 1875-ին կը գործեն մեքենական 20 գործարաններ՝ ջաղացքներ, ապակեգործութիւն, մանարան, պարանագործութիւն, ներկի աշխատանոցներ, հանգստապատառ (լոխում) եւ այլն։

Մինչեւ 1924 հիւսուածեղէնի գործարաններուն թիւը 24-ի կը հասնի։

Առեւտուրին հետ զուգահեռ կը զարգանան ձեռնարհեստը, ծովային եւ կառուցման ճարտարարուեստը, ինչպէս նաեւ հանրային կառոյցները։

Նէորիօ նաւարանը

Սիրոսի նաւարանը կը դառնայ յետ պատերազմեան յունական առեւտրական նաւատորմին վերանորոգման եւ վերակազմութեան վայրը։ Կաշեգործութիւնը կը զարգանայ՝ կաշին Պալքանեան երկիրներ կ'արտահանուի։ 1860-ին Էրմուփոլին Յունաստանի առաջին նաւահանգիստը կը հանդիսանայ, իսկ Սիրոս՝ Յունաստանի առեւտուրի եւ մշակոյթի կեդրոնը: Էրմուփոլիի բնակչութեան զարգացած եւ բարեկեցիկ մասը, քաղաքին մշակութային զարգացման մղում կու տայ։ Մշակոյթի բոլոր բնագաւառներէն ներս աննախընթաց ծաղկում մը կը յառաջանայ։

Նէորիօ նաւարանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1861-էն Էրմուփոլի նաւահանգիստին արեւմտեան կողմը Նէօրիօ նաւարանը կը գործէ․ Յունաստանի ամէնէն հիներէն։ ԺԹ. դարու վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին, մեծ աճ կ'արձանագրէ, սակայն Ի. դարու առաջին կէսին` նահանջ։

Հայ որբերը եւ Near East Relief Որբանոցը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փոքր Ասիոյ Աղէտին կը յաջորդէ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն գաղթականութեան հոսքը՝ Յունաստան։ Սիրոս կը հասնին 7 800 յոյն գաղթականներ եւ 3 000 յոյն եւ հայ որբեր։ Գաղթականներէն՝ 2 800 հոգի Սիրոս կը հաստատուի, իսկ մնացեալները կը տարածուին Յունաստանի այլ շրջաններ: Որբերը նախ կը պատսպարուին կղզիին զանազան շրջաններու վրաններու եւ հաստատութիւններու շէնքերու մէջ։ 1923-ին Միջին Արեւելքի Ամերիկեան Նիր Իսթ Բարեսիրական հիմնարկը Էրմուփոլիի արեւմուտքը գտնուող Աւղօ բլուրին վրայ կը սկսի կառուցել երեք շէնքեր, գոհացնելու համար որբերուն կարիքները։ Շէնքերուն կառուցման կը մասնակցին նաեւ որբերը։

էրմուփոլի․ Այոս Նիքոլաոս եկեղեցին

Սկզբնական շրջանին հայ որբերուն թիւը 732 էր, սակայն շուտով Աթէնքի եւ Քերքիրայի որբանոցներէն մեծ թիւով հայ որբեր կը հասնին եւ անոնց թիւը կը հասնի 2 000-ի։ Հայ եւ յոյն որբերը մինչեւ 1930 հոն կ'ապրին ։

Միջ-պատերազմեան շրջան եւ Գերմանական գերիշխանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ի. դարու առաջին տարիներէն իսկ, Աթէնքի եւ Փիրէայի շարունակ զարգացումը կը ներգրաւէ Սիրոսցի բազմաթիւ գործարարներ, վաճառականներ եւ դրամատէրեր։ Շոգենաւերու զարգացումը պատճառ կը դառնայ, որ նաւերը ուղղակի Փիրէա կամ այլուր առանց դադարի շարունակեն իրենց ճամբորդութիւնը։ Այսպէս, Սիրոս կղզիին նաւահանգիստը իր կարեւորութիւնը կը կորսնցնէ։

Հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստի զարգացումը կը վերակենդանացնէ կղզիին տնտեսութիւնը։

Սակայն, Բ․ Համաշխարհային պատերազմին Գերմանական գերիշխանութիւնը կը փճացնէ կղզիին տնտեսութիւնը։ 1941-1942-ի ձմրան, հազարաւոր բնակիչներ կը մահանան սովի եւ վատառողջ պայմաններու բերմամբ։

Էրմուփոլի․ քարափը եւ փաթիկներ

1980-ական թուականներէն մեծ աճ կ'արձանագրէ զբօսաշրջիկութիւնը։ Նաեւ, 1984-ին «Էգէական համալսարան»ի ենթաբաժիններուն հիմնումը մեծ ներդրում կ'ունենայ կղզիին մշակութային եւ տնտեսական զարգացման: 

Ժամանակակից շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նէորիօ նաւարանը, Օգոստոս 2021

Զբօսաշրջիկութիւնը, կրթական կեանքը, ինչպէս նաեւ «Սիրոս կղզիին Ազգային Օդակայանը» Syros Island National Airport Κρατικός Αερολιμένας Σύρου, «The Aegean casino» խաղատունը, նաւերու յաճախակի երթեւեկութիւնը՝ Փիրէայի եւ Րաֆինայի նաւահանգիստներէն դէպի Էգէական Ծովուն բոլոր կղզիները (մեկնող եւ վերադարձող նաւերը, անպայման կը կանգնին Սիրոս կղզին) եւ Նէորիօ նաւարանին վերաբացումը կղզիին տնտեսութեան մեծ թափ տուած են։ Վերջին տարիներուն ամառուան եղանակին, մեծ ու փոքր զբօսանաւեր շաբաթական հերթականութեամբ կղզին կ'այեցելեն։

Արցախցի երեխաներու հիւրընկալութիւնը Սիրոս կղզիին մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1995-ին Յու­նաս­տա­նի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բին եւ Անօ Սիրոս քաղաքապետութեան գործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի բարեսիրական կազմակերպութեամբ, Արցախի արտաքին գործոց եւ Կրթութեան ու Գիտութեան նախարարութիւններուն աջակցութեամբ կը յաջողուի «Ար­ցա­խի ե­րե­խա­նե­րու այ­ցը Յու­նաս­տան» ծրագ­իրը: Մինչեւ այսօր, Սիրոս կղզիին մէջ ամէն ամառ 15 օրուան համար, կը հիւրընկալուին Արցախի ազատագրութեան պատերազմին հետեւանքով զոհուած ազատամարտիկներու երեխաներ։

Էրմուփոլի քաղաք-նաւահանգիստը նստավայրն է Յունաստանի Հարաւային Էգէականի Շրջանային Միաւորումին Περιφέρεια Νοτίου Αιγαίου։ Քալլիքրաթիս Ծրագիրով, Յունաստան կը բաժնուի 13 Շրջանային Միաւորումներու եւ Սիրոս կղզիին երեք քաղաքապետութիւնները կը ջնջուին եւ կը վերածուին Սիրոս-Էրմուփոլիս քաղաքապետութեան՝ Անօ Սիրոս, էրմուփոլի եւ Փոսիտոնիաս նախկին քաղաքապետութիւններու միացումով։

Կղզիին վրայ կ'ապրի Կաթողիկէ դաւանանքի մեծ համայնք մը, որ Ուղղափառ համայնքին հետ դարերէ ի վեր սիրով կ'ապրին։ Անոնց միջեւ խառն ամուսնութիւնները յաճախակի են։ Երկու եկեղեցիները, Զատկուան տօնը նոյն օրը կը տօնեն։

Փոխադրամիջոցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիրոս կղզին ծովային փոխադրամիջոցի խաչմերուկ մըն է։ Դէպի Փիրէա եւ փոխադարձ՝ անկէ դէպի Էգէական Ծովուն կղզիներն ու կղզիակները եւ Կրետէ կղզի երթեւեկութիւնը ամէնօրեայ եւ յաճախակի է։ 

Անոր նաւահանգիստին աշխարհագրական դիրքը զայն կը պաշտպանէ Էգէական Ծովուն զօրաւոր քամիներէն։ 

1992-ին Սիրոսի «Տիմիթրիս Վիքելաս» Δημήτριος Βικέλας Ազգային Օդակայանը (IATA: JSY) կը բացուի, որ կապուած է Աթէնքի «Ελ. Βενιζέλος» (IATA: ATH) Միջազգային օդակայանին։

Էրմուփոլի եւ Նէօրիօ նաւարանը․ դիտուած Անօ Սիրոսէն

Հանրային փոխադրամիջոցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էրմուփոլի նաւահանգիստ-մայրաքաղաքը կղզիին մնացեալ բնակուած շրջաններուն հետ կը կապուի հանրակառքերու յաճախակի երթեւեկութեամբ։ Անոնք կապուած են մայրաքաղաքին հանրակառքերուն հետ։

Նաեւ կը գործեն թաքսիներ (վարձակառքեր)taxis։

Կղզին ունի հարուստ մշակոյթ։ Կան թատերական, երաժշտական նաեւ գրական խմբակներ։ Անոնք յաճախ հանդէս կու գան ելոյթներով եւ ձեռնարկներով։

Քաղաքապետական Գրադարանը

«Սիրոսի երաժշտասէրներ»ու Φιλόμουσοι Σύρου միութիւնը հիմնուած է 1894-ին։

Մայրաքաղաքին Քաղաքապետական Գրադարանը կը գտնուի Քաղաքապետարանին շէնքին կից Մշակոյթի Տան մէջ, որուն պարտէզին մէջ կը գտնուին Սիրոսցի նշանաւոր մտաւորականներու կիսանդրիները՝ Տիմիթրիոս Վիքելաս, Էմմանուիլ Ռոյիտիս, Ղիորղոս Սուրիս, Թիմոլէոսնտոս Ապելա եւ Ռիթա Պուպի-Փափա։

Էրմուփոլին ունի շարժապատկերի երկու սրահ․ բացօթեայ՝ ամառուան շրջանին համար եւ գոց՝ ձմեռուան։

«Ափոլլոն» թատրոնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Ափոլլոն» թատրոնը Θέατρο Απόλλων կը կառուցուի 1862-1864 թուականներուն․ ճարտարապետն է իտալացի Փիետրօ Սապօ։ Կը նկատուի, թէ Միլանոյի Սքալա La Scala թատրոնին մանրանկարն է, նաեւ տիպարն է ուրիշ 3 թատրոններու․ Սան Քարլօ՝ Նափոլի, Թէաթրօ տելա փերկոլա՝ Ֆիրենցէ եւ Քասթելֆրանքօ թատրոնը։

«Ափոլլոն» թատրոնը Զարդարուած է մարմար քարով եւ հարուստ գեղանկարչութեամբ։ Տարուան ընթացքին մշտապէս կը հիւրընկալէ մշակութային բնոյթի զանազան ձեռնարկներ․ անիկա կղզիին մշակոյթի «սիրտ»ն է։

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին թատրոնը մեծ վնասներ կը կրէ։ Կը վերաբացուի 1991-ին եւ վերանորոգման աշխատանքները կը լրանան 2000-ին։

Կղզիին մէջ կը գործեն կրթութեան համակարգի բազմաթիւ վարժարաններ․ մանկապարտէզներ, նախակրթարաններ, միջնակարգեր, երկրորդականներ, արուեստի դպրոցներ եւ Էգէական համալսարանը իր դպրոցներով։

Թանգարաններ - Ցուցադրութեան սրահներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Սիրոսի հնագիտական թանգարանը,
  • Ճարտարարուեստի Թանգարանը,
  • Սիրոսի Պատմական Արխիւային թանգարանը,
  • Քիքլատեան Արուեստի Ընդօրինակութեան թանգարանը,
  • Սիրոսի Ժողովրդագրական թանգարանը,
  • Փոքր Ասիոյ Յիշողութեան Տունը,
  • Աւանդական Աշխատանքներու Ցուցադրութիւն եւ Անօ Սիրոսի Պատմական Արխիւը,
  • Մարքօ Վամվաքարի թանգարանը (Մարքոս Վամվաքարիս Յունական ժողովրդային «ռեպեթիքօ» երաժշտութեան հայրը):
«Ափոլլոն» թատրոնին առաստաղը

Ցուցադրութեան սրահներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կղզիին մէջ կան բաւական ցուցադրութեան սրահներ։ Ցուցադրութեան գլխաւոր սրահներն են՝ «Էրմուփոլի»ն, «Քիքլատեսի Պատկերասրահ»ը եւ «Էմանուիլ Ռոյիտիս»ը։

«Անտրէա Միաուլիս»ին Ανδρέα Μιαούλη արձանը, համանուն հրապարակին վրայ,

«Փոքր Ասիացիներու» յուշարձանը, Քսիրոքամպոյի համանուն հրապարակին վրայ,

«Զոհուածներուն Յուշարձան»ը, Հարաւային Էգէականի Շրջանային Միաւորումի շէնքին առջեւ․ նաւահանգիստին համանուն քարափին վրայ։

Սիրոս կղզիին մարզական կեանքը վառ ու հարուստ է։ Կան վոլի-պոլի, ոտնագնդակի, կողովագնդակի, լողի, ծովային մարզումի, դասական մարզանքի, մեքենավառ մարզանքի, թենիսի եւ ճատրակի բազմաթիւ ակումբներ եւ խումբեր։ Յունաստանի ազգային Ա․ դասակարգին կը մասնակցի վոլի պոլի «Ֆինիքաս Սիրու» Α.Ο. Φοίνικας Σύρου խումբը։

Այս ուղղութեամբ կղզին ունի ոտնագնդակի հանրային հինգ մարզադաշտեր եւ անձնական փոքր դաշտեր (5x5 եւ 7x7)։ Նաեւ, հանրային՝ Վոլէյի եւ Կողովագնդակի մարզադաշտ, Դասական Մարզանքի դաշտ, Լողաւազան եւ այլն։

Տեղական արտադրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հանգստապատառ․ շաքարով պատրաստուած քաղցրեղէն
«Քափարի»
«լիասթի տոմաթա»

Տեղական ամէնէն տարածուած արտադրութիւնը «Սիրեաքօ Լուքումի»ն է՝ հանգստապատառ։ Անոր պատրաստութեան արուեստը Սիրոս բերած են Խիօ կղզիէն ժամանած գաղթականները, 1832-ին։ Հետագային, Զմիւռնիոյ քաղաքէն (Փոքր Ասիոյ աղէտէն) փրկուած գաղթականներէն շատեր իրենց ընտանեկան ձեռարուեստը Սիրոս կղզիին մէջ կը շարունակեն. Այսօր անոնցմէ չորրորդ սերունդն է, որ կը շարունակէ հանգստապատառի պատրաստութեան աշխատանքը։

Սան Միխալի պանիրը

Հանգստապատառին զուգահեռ, կ'արտադրուի նաեւ «Խալվատոփիթա»ն, որ կը պատրաստուի տեղական մեղրով եւ թարմ նուշով։

Կ'արտադրուի նաեւ հանրածանօթ «Սան Միխալի» պանիրը, պատրաստուած տեղական անասուններուն՝ կովու, ոչխարի եւ այծի կաթով։

Համբաւի արժանացած են․

  • Ծոթրինի մեղրը θυμαρίσιο μέλι․ պատրաստուած կղզիին մէջ առատ գտնուող ծոթրինի բոյսէն,
  • «Լիասթի տոմաթա»ն՝ արեւուն տակ չորցած շերտուած լոլիկ,
  • «Քափարի»՝ Քիքլատես կղզիներուն ափամերձ ժայռոտ մասերուն աճող համանուն բոյսին պտուղը եւ տերեւը, 
  • Ճզմուած ձիթապտուղը,
  • «Συριανό Λουκάνικο» (=Սիրոսի երշիկը),
  • «Λούζα» (Լուզա = արեւուն տակ չորցած միսի ընտիր կտոր),
  • Տեղական կաթով պատրաստուած` անուշ դեղին պանիրը (ղրավիերա) «Γλυκιά Γραβιέρα»,
  • «Փեթրոթա» փափուկ պանիրը,
  • «Κοπανιστή»՝ սերապուրի պէս տեղական ճերմակ պանիրը,
  • Տեղական «մարաթօ» կանաչեղէնը եւ անոր խիւսը Μάραθος-Πολτός από μάραθο, եւ այլն։

Լրատուական միջոցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիրոսի մէջ կը բանին երկու հեռուստատեսութեան կայաններ, որոնք կը սփռուին Քիքլատես կղզեխումբի տարածքին։

Կը տպագրուին ամէնօրեայ «Քինի Ղնոմի» (=Հանրային Կարծիք) Κοινή Γνώμη օրաթերթը եւ «Լողոս թոն Քիքլատոն» Λόγος των Κυκλάδων շաբաթաթերթը։ Նաեւ «Serious» անվճար ամսաթերթը։

Ելեկտրոնային թերթ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վերջին տարիներուն զարգացած է ելեկտրոնային թերթը․ ամենածաւալունը՝ «Syros today»ն է։

Սիրոսի մէջ կը սփռուին ձայնասփիւռի տեղական վեց կայաններ։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18] [19] [20][21] [22] [23] [24] [25] [26] [27] [28] [29] [30] [31] [32] [33] [34] [35] [36] [37] [38] [39] [40] [41] [42] [43]

Քերքիրայի հայերը․ հայ որբերը

Քեֆալոնիա․ Հայ որբերու ժամանումը Քեֆալոնիա

Քոքինիոյ հայկական գաղութը

Սելանիկի հայկական գաղութը

Փաթրայի հայերը

Կրետէի հայերը

Կորնթոս -Կորնթոսի հայերը

Արսէն Պալեան

Կրետէ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յունաստանի 2011ի մարդահամար HELLENIC STATISTICAL AUTHORITY - 2011 POPULATION AND HOUSING CENSUS(յունարէն)
  2. «syros island – Սիրոս կղզիին պատմութիւնը(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-08-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-02 
  3. e-kyklades – Քիքլատես Առեւտուրի Ատեան․ Սիրոս կղզիին պատմութիւնը, տեսարժան վայրերը, ծովափները(յունարէն)
  4. gnoriste tin ellada - Պատմական անդրադարձներ․ Սիրոս, Քիքլատեսի ազնուականը, ΕΥΑΓΓΕΛΙΑ ΓΟΥΡΝΗ(յունարէն)
  5. Արխիւներ - syros.com – Սիրոս կղզիի Հնագիտական թանգարանը(յունարէն)
  6. Արխիւներ - syros.com – Սիրոս կղզիի Հնագիտական թանգարանը(յունարէն)
  7. cyclades24.gr – «Սիրոս կղզիին Near East Relief որբանոցը», Γιώργος Σολάρης, 10/11-2015(յունարէն)[permanent dead link]
  8. Near East Relief Պատմական առցանց բջիջային թանգարան Near East Relief Historical Society Digital Museum(անգլերէն)
  9. «Ամերիկեան Near East Relief Սիրոսին որբանոցը», 18/1/2020, Παναγιώτης Κουλουμπή (յունարէն)
  10. «Ողողման երեխաները Սիրոսին որբանոցին մէջ», 8-7-2015, Ουρανία Πανταζίδου Π.Ν.(յունարէն)
  11. «Սիրոսին բանակավայիրին իսկական պատմութիւնը», Παναγιώτης Κουλουμπής, 16-11-2015(յունարէն)
  12. Սելանիկի Արիտոթելեան Համալսարան – Տնտեսութեան եւ Քաղաքականութեան Գիտութեանց Դպրոց, «Միջպատերազմեան շրջանի գաղթականները Սիրոս կղզիին մէջ», Βουτσίνου Αγγελική ΑΕΜ: 197, Սելանիկ,Մարտ 2017(յունարէն)
  13. Ազատ Օր – «Յունահայութեան թիւի նոսրացումը 1922-1950 տարիներուն», Մայք Չիլինկիրեան, յունարենէ թարգմ․՝ Ք․ Էքիզեան, 8-1-2020
  14. e-kyklades – Քիքլատես Առեւտուրի Ատեան․ «Փալլաս» շարժապատկերասրահը(յունարէն)
  15. ՌԱԿ մամուլ – «Վաղուան Կորիզը» Յունարենէ թրգմ.՝ Երանուհի Ղազարեան Syrosagenda.gr, (վերարտադրում՝ Հայ Կեանք, 26 Ապրիլ 2019, էջ՝23)
  16. Հայ Կեանք – «Վաղուան Կորիզը» 26 Ապրիլ 2019, էջ՝23, Երանուհի Ղազարեան
  17. «Սիրոսի Նէօրիօ նաւարանին պատմութիւնը», HuffPost Greece, 22 Οκτωβρίου 2015(յունարէն)
  18. «Քսենոգոսթա Ծրագիրը Նէօրիօ նաւարանի վերաբացման համար», Naftemporiki 21-4-2018, Αντώνη Τσιμπλάκη (յունարէն)
  19. Յունական Նաւարկութիւն (Elliniki Aktoploia) Սիրոսի Նէօրիօն, 17-7-2011, «Նէօրիօ»(յունարէն)
  20. Սիրոսի Ճարտարարուեստի Թանգարանը - Գործարաններ(յունարէն)
  21. Սիրոսի Ճարտարարուեստի Թանգարանը – Հաւաքածոյ(յունարէն)
  22. Սիրոսի Արխիւներու Պետական Հաւաքածոյ(յունարէն)
  23. Սիրոսի Պետական Հաւաքածոյ - Պատմական(յունարէն)
  24. ΕΡΤ – Յունաստանի Պետական հեռասփռման կայան - Նաւահանգիստներ, Սիրոս 002 ΣΥΡΟΣ, 000003742(յունարէն)
  25. ΚΟΙΝΗ ΓΝΩΜΗ «Ազգային Ընդդիմութեան յուշարձանը» կը վերադառնայ, 11-8-2016, Άννα - Τερέζα Δαλμυρά(յունարէն)
  26. ΚΟΙΝΗ ΓΝΩΜΗ Փոքր Ասիացիներու յուշարձան(յունարէն)
  27. Էգէականի կղզիները - Սիրոսին Յուշարձանները, 8-1-2019(յունարէն)
  28. Ազատ Օր, արխիւ - Խաչիկ Խաչատուրեանի արժեւորումով՝ «Արցախի պատանիները, կարծես, Յունաստան եկած դեսպաններ են», 13 Յուլիս 2015, Լուսինէ Թեւոսեան - «Ապառաժ»
  29. Armenian Portal – «Հիւրասիրելով Արցախի փոքրիկները․․» 12-9-201 Θεοδόση Δανάμπαση(յունարէն)[permanent dead link]
  30. naxos times - «Սիրոս կղզին գրկեց Արցախի որբերը», 7-9-2016(յունարէն)
  31. Արմենիքա պարբերաթերթ – Երեխաներու ժպիտները՝ Սիրոս, Յովիկ Պապողլեան, Յուլիս-Սեպտ․ 2011(յունարէն)
  32. Արմենիք պարբերաթերթ - «20 տարիներու երեխաներու ժպիտներ», Մայք Չիլինկիրեան, Յուլիս-Սեպտ․ 2015, թիւ 86(յունարէն)
  33. syros today – «Որովհետեւ, երբ մէկ փոքրիկ մը կը փրկուի՝ յոյս կայ», 21-8-2015, Ουρανία Πανταζή, Υποπλοίαρχος (ε.α.)(յունարէն)
  34. «Ար­ցա­խի 22 պա­տա­նի­ներ ­Սի­րո­սի մէջ, 29-8-2017, Հայ Դատի Յանձնախումբ, Յունաստան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-07-09-ին։ արտագրուած է՝ 2021-07-09 
  35. Սիրոսի Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդարան – «Սէր․ հոգիին ամենամեծ դեղը», 2-9-2016, աղբիւր՝ koinignomi.gr(յունարէն)
  36. Անկախ լրատուողական – «Գիրկ մը պատերազմի փոքրիկներուն համար», վերարտադրուած 28-7-2011, աղբիւր յօդուած՝ Էլեֆթերոթիփիա օրաթերթ, 3-9-2010, հեղ․՝ Ναυσικά Καραγιαννίδη (յունարէն)
  37. gtp – Էրմուփոլիին Քաղաքապետական Գրադարանը(յունարէն)
  38. Համազգային Լրատու - Հոկտ․, Նոյեմ․, Դեկտ․ 2015, էջ 7(յունարէն)
  39. Greek gastronomy – Սիրոսի արտադրութիւններ(յունարէն)
  40. []
  41. «syrosaxizoume – Սիրոսին սկզբնական արտադրանքները(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-11-26-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-02 
  42. «Սիրոս կղզին - Աւանդական արտադրութիւններ(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-08-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-02 
  43. «Ասպարէզ - «Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Աննախընթաց Նպաստը Հայոց Ցեղասպանութեան Գաղթականներուն Եւ Որբաշխարհին», բժ․Կարպիս Հարպոյեան, 23-4-2014»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-09-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-04 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յոնիացիները(անգլերէն)
  2. Տեսերիզ – Սիրոս կղզիին ազնուական տուները(յունարէն)
  3. Քիքլատես կղզիները Վենետիկցիներուն իշխանութեան տակ
  4. Նէօրիօ նաւարանի կայքէջը(յունարէն)
  5. Սիրոս կղզիին Ազգային Օդակայանը(անգլերէն)
  6. Սիրոս կղզիին Ազգային Օդակայանը(անգլերէն)
  7. Սիրոսի ճարտարարուեստի թանգարանը(յունարէն)
  8. Սիրոսի Ափոլլոն թատրոնը(անգլերէն)
  9. Սան Միխալի պանիրը(յունարէն)
  10. Սիրոսի Կաթողիկէ եկեղեցուոյ Առաջնորդարանը(յունարէն)