iBet uBet web content aggregator. Adding the entire web to your favor.
iBet uBet web content aggregator. Adding the entire web to your favor.



Link to original content: https://hyw.wikipedia.org/wiki/Միջին_Արեւելքի_Օդանաւային_ընկերութիւն_(Middle_East_Airlines)
Միջին Արեւելքի Օդանաւային ընկերութիւն (Middle East Airlines) — Ուիքիփետիա Jump to content

Միջին Արեւելքի Օդանաւային ընկերութիւն (Middle East Airlines)

Միջին Արեւելքի Օդանաւային ընկերութիւն

1984-ին, Boeing 747-200

Միջին Արեւելքի Օդանաւային ընկերութիւնը կը գործէ Լիբանանի մէջ եւ գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Պէյրութի մէջ։ Հոնկէ կ'իրականացուին միջազգային թռիչքներ դէպի Ասիա, Եւրոպա եւ Ափրիկէ։ 2012-ին ընկերութիւնը համաձայնագիր մը կնքած է «Sky Team» ընկերութեան հետ։ Բացի ատկէ, մերձաւոր արեւելքի Միջին Արեւելքի Օդանաւային ընկերութիւնը անդամ է օդային փոխադրամիջոցներու միջազգային ընկերութեան եւ արաբական օդանաւային ընկերութիւններու կազմակերպութեան հետ։ 2009-ին ընկերութեան եկամուտը կազմած է 100 միլիոն Ամերիկեան տոլար, ինչ որ օդանաւային ընկերութիւնը դարձուցած է աշխարհի 18-րդ լաւագոյն օդանաւային ընկերութիւնը։[1]

1970-ին Լոնտոնի օդակայանին մէջ

Միջին Արեւելքի Օդանաւային ընկերութիւնը հիմնադրուած է 1945-ին Սաէպ Սալամի աջակցութեամբ, եւ իր առաջին թռիչքը իրականացուցած է 1946-ին, Պէյրութէն Կիպրոսի մայրաքաղաք՝ Նիկոսիա: Ընկերութեան թռիչքները կ'իրականանային De Havilland Dragon Raptide օդանաւերուն միջոցով։ Թռիչքներ կ'իրականան նաեւ դէպի Եգիպտոս եւ Սուրիա:

1946-ին ընկերութիւնը կ'արտադրէ Douglas DC-3 ոճի օդանաւեր։

1965-ին կ'որոշեն ընկերութեան տալ նոր անուանակոչում՝ Middle East Airlines, որ մինչեւ այսօր կը պահպանուի։

2014-ին ընկերութիւնը թռիչքներ իրականացուցած է դէպի Յունաստան, Պելճիքա, Դանիա, Գերմանիա, Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Կիպրոս, Զուիցերիա, Թուրքիա, Նիճերիա, Կանա, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա, Իրաք, Յորդանան եւ Եգիպտոս։

Արաբ-իսրայէլական պատերազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1967-ին Արաբ-իսրայէլական պատերազմի ընթացքին, ընկերութիւնը ստիպուած էր կասեցնել իր բոլոր թռիչքները։

1968-ին ընկերութիւնը դադրած է գոյութիւն ունենալէ։ Սակայն 1969-ին American Airlines-ը կ'աջակցի ընկերութեան եւ ընկերութիւնը կը վերսկսի իր բոլոր թռիչքները։ Այսպիսով, ընկերութիւնը 1975-ին ձեռք կը բերէ Boeing 747-200B օդանաւը եւ կ'իրականացուին թռիչքներ Լիբանանէն դէպի Լոնտոն։

Օդանաւային ընկերութիւնը վերականգնումի ընթացքին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1990-ի սկիզբը, ընկերութիւնը կը սկսի աստիճանաբար վերադառնալ իր բնականոն շահագործումին եւ վերականգնել իր թռիչքները։
  • 1993-ին ընկերութիւնը ձեռք կը բերէ Airbus A310-300 օդանաւը, որ ապագային կը փոխարինուի Airbus A320-ի։
  • 1977-ին ընկերութիւնը վնասներ կը կրէ։ Ընկերութեան տարեկան կորուստները կը կազմեն 87 մլն. տոլար։
  • 2005-ին ընկերութիւնը կը ստանայ 46 մլն. տոլար եկամուտ։
  • 28 Յունիս 2012-ին Middle East Airlines-ը պաշտօնապէս կը միանայ SkyTeam ընկերութեան։[2]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]