Լողալը
Լողալը անհատական կամ խմբային մարզանք մըն է, որ կ'ընդգրկէ մարմինին բոլոր մկաններուն շարժումները:
Մարդիկ այս մարզանքը կրնան կիրարկել փակ կամ բացօթեայ լողաւազաններու, ինչպէս նաեւ՝ ծովերու, լիճերու եւ գետերու մէջ:
Լողալու մրցաշարքերը ներառուած են Ողիմպիական խաղերուն մէջ:
Պատմական Ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ըստ հնաբաններու, այս մարզանքը սկիզբ առած է Եգիպտոսի մէջ, ՔԱ. 2500 տարիներ առաջ, որմէ ետք՝ Ասորեստանի, Յունաստանի եւ Ռումանիոյ մէջ:
- Յունաստանի եւ Հռոմի մէջ, լողալը ներառուած էր զինուորական մարմնամարզական ծրագիրին մէջ, իսկ նախակրթարան վարժարաններու կրթական ծրագիրին մէջ՝ միայն տղոց պարագային:
- Արեւելքի մէջ, լողալու մրցաշարքեր տեղի ունեցած են Ճափոնի մէջ Ք.Ա.36-ին: ԺԷ. դարուն, կայսերական հրովարտակով, պարտաւորիչ դարձած է դպրոցներուն մէջ[1]:
- Լողալու կազմակերպուած մրցաշարքեր սկսած են ԺԹ. դարուն, նախքան Ճափոնի մուտքը՝ դէպի Եւրոպա եւ Արեւմուտք:
- Յոյները եւս, մերթ ընդ մերթ մրցաշարքեր կազմակերպած են:
- Հռոմէացիները, բացի իրենց շինած լոգարաններէն, շինած են նաեւ լողաւազաններ:
- Ք.Ա. առաջին դարուն, հռոմէացի կայսր Մայէգանաս յիշուած է իբրեւ տաք լողաւազան շինող առաջին անձը:
Մրցաշարքեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս մարզանքը համաշխարհային ճանաչում ունենցած է, Ողիմպիական մրցաշարքերէն ներս ներառուելէն ետք, 1896-ին՝ տղոց, իսկ 1912-ին՝ աղջիկներուն համար:
ՖԻՆԱ խորհուրդին կազմութենէն առաջ, տարօրինակ մրցոյթներ տեղի ունենցած են, օրինակ՝ 1900-ին, Սեն գետին մէջ (Ֆրանսա) 200 մեթր արգելապատով մը մրցոյթ մը կազմակերպած են, որ ներառած է պատերու եւ նաւերու վրայէն մագլցիլ, ինչպէս նաեւ՝ անոնց տակէն լողալ:
Տարբեր ժամանակներու ընթացքին, լողալու ախոյեանութիւն շահած են՝ Հունգարիա, Տենմարք, Աւստրալիա, Գերմանիա, Ֆրանասա, Մեծն Պրիթանիա, Ճափոն եւ Միացեալ Նահանգներ: