iBet uBet web content aggregator. Adding the entire web to your favor.
iBet uBet web content aggregator. Adding the entire web to your favor.



Link to original content: http://hyw.wikipedia.org/wiki/Եաղուպ_Ամիրա
Եաղուպ Ամիրա — Ուիքիփետիա Jump to content

Եաղուպ Ամիրա

Եաղուպ Ամիրա
Ծննդեան անուն Յակոբ Յովհաննէսեան
Ծնած է 1672
Ծննդավայր Ակն
Մահացած է 9 Յուլիս 1752(1752-07-09)
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն

Եաղուպ Ամիրա (հայկական անունով Յակոբ Յովհաննէսեան, 1672 Ակն - 9 Յուլիս 1752, Կոստանդնուպոլիս), ազգային գործիչ:

Հօրը անունն էր Յովհաննէս: Իր ուշիմութեան ու հօրենական հարստութեան շնորհիւ կ’անցնի Պոլիս ու քիչ ատենէն կը դառնայ համբաւաւոր, հայութեան մէջ ըլլալով ամէնէն ազդեցիկ ու յարգուած անձնաւորութիւններէն մէկը եւ Ղազի սուլթան Ահմէտի հրովարտակով (1703) կը կարգուի Արքունի սեղանաւոր եւ վառօդապետ (պազիրկեան պաշի), որ այն ժամանակուան համար ըսել էր մեծ դրամատէր ու կը համապատասխանէր ներկայ ժամանակներու վարկային հաստատութեանց եւ դրամատանց կատարած գործառնութեանց: Մտերիմ բարեկամը ըլլալով Զմմառցի Յակոբ Նալեան Պոլսոյ պատրիարքին (1741-1749) եւ (1752-1764), յաճախ կը գործակցին անոր հետ ու կը վարէ ազգային զանազան պաշտօններ: Եաղուպ Ամիրայի գործունէութեան մասին քիչ տեղեկութիւններ հասած ըլլալով մեզի, միայն այսքանը յայտնի է, որ Նալեան պատրիարք, անոր գեղեցկատեսիլ դրսերեւոյթին ու կատարած բարեգործութեանց համար, զինք յորջորջած էր որպէս նոր Յովսէփ Գեղեցիկ մը եւ տաճարաշէն երկրորդ Զօրաբաբէլ մը:

Նալեան, երբ 1748-ին Երուսաղէմի պատրիարք կ’ընտրուի՝ Գրիգոր Շղթայակիրի մահուամբ, չի կրնար տոկալ «օտարներու բռնութեանց» եւ «անսովոր պահանջներուն» ու գանգատագրեր կ’ուղարկէ Պոլսոյ ազդեցիկ անձնաւորութեանց, որպէսզի կրկին վերստանձնէ Պոլսոյ պատրիարքութիւնը: 1751-ին, Եաղուպ ամիրա տեղի տալով Նալեանի թախանձանքներուն, իր Սողովմէ կնոջ հետ ուխտաւորութեամբ կ’այցելէ Երուսաղէմի Ս. Յակոբ վանքը: Իր ընծայաբերութիւնները պղինձէ յիշատակարանի մը վրայ մէկ առ մէկ նշանակուած են:

Եաղուպ Ամիրա Ս. Յակոբայ տաճարին Ս. Մակարի մատրան մէջ ունի հետեւեալ յիշատակարանը .

Եաղուպ աղա Փրկչին ծառայ,
Շինեաց զտապանն Սբ. Մակարայ,
Լուսաւորչին եւ մասն է սատ.
Բարեխօսել նմին պատրաստ:

Յամի Տեառն 1751 եւ Հայոց թուին ՌԲՃի պատրիարքութեան Յակոբայ

Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին ոսկիէ կանթեղ մը յիշատակ տուած է, հետեւեալ յիշատակարանով.

Յիշատակ է Ակնցի Յովհաննէսի, որդի գերօրհնեալ մհտ. Եաղուպ աղային Ս. Գերեզմանին Քրիստոսի մշտավառ կանթեղս:


Եաղուպ ամիրա իր ուխտը կատարելէ եւ Ս. Յարութեան տաճարին վերնատունը նորոգելէ յետոյ, Նալեան պատրիարքի հետ կը վերադառնայ Պոլիս 1752-ին, ուր շնորհիւ Եաղուպ ամիրայի ազդու դիմումներուն, Նալեան վերստին պատրիարք կ’ընտրուի՝ Պոլիս:

Եաղուպ ամիրայի բացառիկ աչքառու դիրքին եւ մահուան պարագաները պատմած է Սեթեան Յովհաննէս եպս. Երուսաղէմի փոխանորդ Ներսէս եպ. Գէորգեանի եւ որ իր կարգին Յ. Մրմրեան հրատարակած է Մասնական պատմութեան Հայ մեծատուներու գիրքին մէջ։ Օգտուած ենք Զամչեանի պատմութեան Գ. հատորէն, Օրմանեանի Ազգապատումի Բ. հատորէն եւայլն. իսկ վերջին մասերը Մասիս Ա. Պետրոսեանի Եագուպեան գերդաստանի անտիպ տոհմացոյցէն, որ տարիներու տքնաջան աշխատութեան արդիւնք է:

Եաղուպ ամիրա նաեւ նորոգած էր հինէն Մշոյ Ս. Կարապետի վանքը:

Սուլթանին շատ սիրելի էին Մուսթաֆա աղան եւ անոր մատակարար Պէշիր անուն ներքինապետը, որոնց ազդեցութիւնը այնքան մեծ էր, որ մինչեւ անգամ կրնար Սուլթանին կամքին իշխել:

Պէշիր կին մը ունէր, գերի բերած՝ Վրաստանէն եւ ապա ամուսնացած՝ Եաղուպ Ամիրայի հետ: Այս կինը յաճախ իր ամուսինէն լսելով Մուսթաֆայի գովեստը, կը թախանձէ իր ամուսնոյն որպէսզի օր մը տուն բերէ Մուսթաֆա աղան եւ ինք հիւրանոցին վրայ նայող վանդակապատ պատուհանէ մը կը դիտէ զայն ուշի ուշով: Երկար ատեն դիտելէ ետք՝ վերնայարկը վազելով կը մարի կ’իյնայ եւ ոտքերը գետնին զարնելով կը պոռայ: Տնեցիները եւ Եաղուպ ամիրա վեր կը վազեն ու կը սթափեցնեն: Կինը կը գոչէ թէ «այդ Մուսթաֆա աղան իմ եղբայրս է»: Եաղուպ կը զարմանայ եւ կը ջանայ հանդարտեցնել իր կինը, բայց ան նորէն կը պնդէ պոռալով թէ «ան իմ եղբայրս է, անպատճառ ինծի իրեն քով տար»: Եաղուպ կը տանի Մուսթաֆայի քով, որ կը մնար սէլամլըքի կողմը. Ինչպէս յայտնի է մեր նախնիք, թուրքերու նման ունէին հարէմլիք եւ սէլամլըք, այսինքն արանց եւ կանանց բաժիններ եւ թուրքերու պէս ալ եաշմախ ֆէրաճէ կը հանգնէին 16 եւ17-րդ դարերուն:

Կինը տեսնելով իր եղբայրը աւելի կը յուզուի եւ կը պոռայ -«դուն իմ եղբայրս ես»: Այս աղաղակներուն Մուսթաֆա կը յուզուի, կ’այլայլի եւ փաստ կ’ուզէ: Տիկին Եաղուպ այն ատեն կը նկարագրէ Վրաստանի իրենց բնակարանը, իրենց ծնողքը, անոնց անունները: Մուսթաֆա ուրիշ փաստ ուզելուն՝ տիկինը այն ատեն կ’ըսէ թէ ծոծրակիդ նիշ մը ունիս սա ձեւ: Մուսթաֆա կը զարմանայ ճշդութեան եւ դառնալով Եաղուպ ամիրայի կը կոչէ - «փեսայ Եաղուպ»:

Եւ այդ օրէն սկսեալ աւելի սիրով կը կապուի անոր հետ եւ Եաղուպ հետզհետէ աւելի կը յառաջանայ:

Ամիրայական խնճոյքի օր մը, Եաղուպ ամիրա եւ հանդիսականներէն շատեր կ’աղաչեն իրենց ընկեր մէկ ամիրայէն, որ կարճահասակ եւ սապատող է եղեր, որպէսզի գինարբուքէն ետք պարէ եւ իրենք ալ զուարճանան: Սապատողը ի սկզբանէ կ’ընդդիմանայ, ապա կը համակերպի ու կը պարէ, մանաւանդ Եաղուպ աղա շատ կը ծիծաղի: Կարճահասակ ամիրան այս բանը սիրտը կը դնէ ու վրէժ կը պահէ: Երբ Մուսթաֆայի մեծ ներքինին բարձրագոյն հրամանաւ մահուան կը դատապարտուի՝ Մուսթաֆան ալ քիչ օրէն անոր բախտին կը մատնուի, յիշեալ կարճահասակ ամիրան ալ յարմար առիթ համարելով, կը մատնէ Եաղուպն ալ իբր անոնց ընկերը եւ մտերիմը, եւ գրաւելով անոր ամբողջ հարստութիւնը, կը բանտարկեն եւ քիչ յետոյ կը գլխատեն Պոլսոյ մէջ 9 Յուլիս 1752-ին Սուլթան Մահմուտի հրամանով:

Եաղուպ ամիրայի մահէն յետոյ, իր զաւակը Գրիգոր (1763-1793) տեսնելով իր ընտանիքի վտանգուած եւ փափուկ դիրքը, կը քաշուի կրկին Ակնի մէջ, ուրկէ կ’անցնի Արաբկիր՝ 1760-ական թուականներուն, սեղանաւորութեամբ զբաղելու համար: Իր հօրը Եաղուպ ամիրայի պատճառով՝ Արաբկիրի մէջ կը ճանչցուի Եաղուպ օղլու անունով, որ ժամանակի ընթացքին կը փոխակերպուի Եագուպեանի:

Գրիգոր կ’ունենայ երեք մանչ զաւակ, Աբրահամ, Յակոբ եւ Մամաս, որոնք, բացի առաջինէն արու զաւակ չեն ունենար:

Աբրահամ կ’ունենայ միակ որդի մը Մինաս (1812-1894): Մինասի զաւակներն են որ իրենց կարգին ճիւղաւորուելով, այսօր կը կազմեն Գահիրէի արաբկիրցի ծանօթ Եագուպեան մեծ գերդաստանը:

1850-ական թուականներուն Արաբկիրի մէջ սկսեր էր մուտք գործել ամերիկեան միսիոնարութիւնը: Մինաս Եագուպեան, տեսնելով այս դաւանանքին մէջ հզօր կառավարութեան մը պաշտպանութիւնը, եւ մանաւանդ իրեն ծանօթ ըլլալով իր մեծ հօր՝ Եաղուպ ամիրայի ցաւատանջ վախճանը՝ թուրք սուլթաններու քմահաճոյքին ծառայելով, կը յարի բողոքականութեան, ու քիչ յետոյ, մասնաւորներու խնամքին յանձնելով Արաբկիրի իր սեփական քարաշէն մեծ բնակարանը, 1865-ին ընտանեօք կը գաղթէ Գահիրէ, ուր իր չափահաս երկու զաւակաց՝ Փիլիպոսի եւ Գրիգորի եւ ապա Աբրահամի հետ կը զբաղի՝ իրենց ընտանիքի այլեւս ժառանգական դարձած արհեստով, սեղանաւորութեամբ:

Մինաս, ամիրայական գերդաստանի ամէն ձիրքերով օժտուած, այս նահապետական տան մէջ կատարեալ նահապետ մը կ’ըլլայ իր ընտանիքին: Իր անուան հմայքը եւ ազդեցութիւնը առածի կարգ կ’անցնի, քիչ ատենէն բախտն ալ իրեն ժպտելով, կոկիկ հարստութիւն մը կը դիզէ, սեփականացնելով Գահիրէի մօտակայ քանի մը ագարակներ եւ գիւղեր:

Եաղուպեան գերդաստանը հիմնադիրներէն կ’ըլլայ Գահիրէի Հայ Աւետարանական համայնքին: Հայ բողոքականները զուրկ մնալով կրօնական մխիթարութենէ եւ դպրոցէ, իրենց տուները կը գործածէին իբր եկեղեցի եւ իրենք իրարու քարոզիչ եղած էին, մինչեւ որ տեղական լեզուին ծանօթանալով Ղպտի աւետարանականներու պաշտամունքներուն կը մասնակցէին: